2014-07-25 10:37:07

Քաղտէացիներու Պատրիարքին նամակը ՄԱԿի Քարտուղար` Պան Քի Մունի`
ՄԱԿ-ը հանդիսատես թող չմնայ Քրիստոնեաներու դէմ գործուած ոճրագործութեան


Հինգշաբթի, 24 յուլիսին, Քաղտէացիներու Պատրիարք` գերերջանիկ Լուիս Սաքօ, ՄԱԿ-ի քարտուղար Պան Քի Մունի հասցէին յղած է յուզիչ նամակ մը, որուն մէջ կը նկարագրէ քրիստոնեաներու ողբերգական իրավիճակը` Իրաքի մէջ, Սիւննիներու եւ Շիիներու միջեւ հակադարձութիւններու հետեւանքով։ Պատրիարքը Միջազգային Կազմակերպութենէն բարձր ձայնով կը խնդրէ վերջ դնել արեան հոսանքին։
՝՝Իրաքի քաղաքական անկայունութիւնը կը սպառնայ բոլոր Միջին Արեւելքի տարածաշրջանին՝՝ գրած է Սաքօ Պատրիարքը, աւելցնելով, թէ ''կացութիւնը մտահոգիչ է քրիստոնեաներու եւ փոքրամասնութիւններու դէմ գործուած յառաճուն յարձակումներու պատճառով'' ։
Քաղտէացիներու Պատրիարքը նամակին մէջ շեշտած է, թէ Միջազգային կազմակերպութիւնը չի կրնար հանդիսատես մնալ եւ վկայ հանդիսանալ Քրիստոնեաներու դէմ գործուած հալածանքներուն ։Ան ապա նամակը եզրափակելով խնդրած է Մակ-էն, զարգացնել ռազմավարական յայտագիր մը պահպանելու համար քրիստոնեայ ժառանգը որոնք թիրախ դարձած են Իրաքի մէջ ծայրայեղական իսլամական խմբակներու կողմէ՝ հրթիռակոծլեովեկեղեցիները եւ քանդելով հնամեայ վանքերը, որոնց վերակառուցումը դժուար պիտի ըլլայ։







All the contents on this site are copyrighted ©.